ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ
Մանկութենէս յիշողութեանս վրայ դրոշմուած թելադրանք մըն էր, զոր մեծերը կ՚ընէին ամէն անգամ երբ նախընտրական շրջանը սկսէր. մարդու չըսե՛լ տալիք քուէդ։ Քար լռութիւնը կամ շրթունքի ծայրին հանգչած երկիմաստ ժպիտն էր պատասխանը «Քուէդ որո՞ւ պիտի տաս» հարցումին։ Աւելորդ եւ -թող ներուի ըսել- անիմաստ գաղտնապահութիւն մըն էր ասիկա ինծի համար։ Վերջապէս գաղտնի պահուէր, չըսուէր իսկ՝ ընկերը, դրացին կամ նոյնիսկ թաղեցին գիտէր գոյնդ, զոր ակամայ, ձեւով մը, ուզած-չուզած կը բացայայտէիր զրոյցի մը ընթացքին կամ կարդացածդ թերթով, կը մատնէիր համակրանքիդ ենթական՝ դեռ նոր անկիւնադարձած քարոզչական ինքնաշարժին ուղղեալ խանդավառ ակնարկովդ նոյնիսկ։
Մանկութիւնս Թուրքիա վերջացուցած՝ պատանեկութեանս վերջին տարիները ապրեցայ երկրի մը մէջ, որ կ՚ապրէր իր քաղաքական մանկութիւնը։ Գոյնդ յայտնի չդարձնելու թելադրանքը բնազդային զգուշաւորութեան մը վերածած էի այլեւս ու քաղաքական տհասութեամբ կը պիտակէի այն մարդիկը, որոնք բարձր ձայնով, համարձակօրէն կը յայտարարէին իրենց քուէն։ Այո՛, համարձակօրէ՛ն, առա՛նց քաշուելու, առա՛նց որեւէ զգուշաւորութեան։
Իրարու օտար այս երկու երկիրներու քաղաքացիներուն ընտրութեան մօտեցումի տարբերութիւնը անշուշտ մէկ կողմէ ալ գլխուս մէջ կը բազմացնէր հարցականի նշանները. տեղ մը սխալ մը կար եւ չուշացայ հասկնալու, թէ ուր էր ատիկա։
Տարիներ առաջ էր։ Նախընտրական շրջան մըն էր դարձեալ, այսօրուան պէս։ Համայնքային կառոյցներու ժողովին, հազար ու մի բարդոյթներով ծանրաբեռն ինքնակոչիկ մը երկար-բարակ քարոզ կարդալէ եւ կառավարող կուսակցութեան մեր համայնքին ընձեռած ենթադրեալ հնարաւորութիւններուն ա՛լ ձանձրացուցիչ ու դդմահամ յանկերգը աւելորդ անգամ մը եւս կրկնելէ ետք ժողովականներուն իբր թէ ծածկաբար թելադրեց քուէարկել յօգուտ իշխանութիւններուն։ Նոյնը ընելէ չէին խրտչեր նաեւ սեւազգեցեալ պաշտօնեաներ։
«Հը՛մմ,- կ՚ըսէի ես ինծի,- ուրեմն գոյնդ կրնաս յայտնել եթէ չի տարբերիր տիրական երանգէն»։ Կրնաս ուրեմն բարձր ձայնով բացայայտել քուէդ՝ եթէ պատգամ մը կ՚ուզես տալ վերիններուն։ Եթէ կ՚ուզես գործդ քալեցնել։ Կը պոռաս քուէդ համարձակաձայն բարբառով եթէ կ՚ուզես ծածուկ հաշիւներդ, գումարումի ու հանումի, բազմապատկումի ու բաժանումի գործողութիւններդ կարգադրել ըստ արժանւոյն։ Եթէ կ՚ուզես մնալ, նստիլ, բազմիլ, տեղաւորուիլ հոն, զոր բռնագրաւած ես հազար ու մի քծինքով, շողոքորթութեամբ ու վաղուց արդէն տաքցուցած յետոյքովդ։ Դուն քու կաշիդ եթէ կը մտածես, եթէ կ՚ուզես ելլել շալակն աշխարհի՝ ուրեմն կ՚ըսես քուէդ բարձրաղաղակ. այնքան որ լսելի ըլլայ նաեւ վերերէն։
Յաչս վերիններուն իրենց գոյնը յայտնի դարձնողներուն մտայնութիւնը, անոնց զգուշաւորութիւնը, վախկոտութիւնն էր որ կ՚արգիլէր, չէր արտօներ ուրիշներուն յայտնելու իրենց քուէներուն պատկանելիութիւնը։ Մինչդեռ քաղաքացիական արիութիւնը կը պահանջէր արտայայտուելու հաւասար պայմաններ, գոյնըյայտնի դարձնելը յաւելեալ քաջութիւն մը պէտք չէ ենթադրէր, այլ պէտք է ըլլար սովորական, ընթացիկ ելոյթ մը, բնական յայտարարութիւն մը։ Մարդ պէտք է քննադատաբար մերձենար այն բոլորին, զորս գովաբանելու մրցանքի մը ելած էին անոնք, որոնց գոյնը յայտնի էր շատոնց եւ ամէնքին։ Պէտք է մտածելու մղուէինք, թէ ինչո՛ւ կը կրկնէին անոնք՝ գոյնը յայտնի մարդիկ, իշխանաւորներուն բարեմասնութիւնները՝ անտեսնելով հազարումէկ այն հարցերը, զորս ունինք. օրինակ, պատրիարքական չկատարուող, արգիլուող, կոպտօրէն միջամտուող ընտրութիւնը եւ դեռ համայնքային ձգձգուող ընտրութիւնները, իբր թէ վերադարձուած սակայն մեր կրթական համակարգին ու հանրութեան առօրեային ոչինչ օգուտ բերող կալուածները, իրաւական կարգավիճակ չստացող պատրիարքութիւնը, աւելի աշխարհավար վարչական կառոյցի մը չստեղծուիլը, մեր ոտնահարուած իրաւունքները, աւելի քան հարիւրամեայ ու հիւսի մը նման ուռճացող ուրացումը, եկեղեցիներու առջեւ խեւերուն կուտակած աղբերը, պատերուն գրուած ատելավառ ասոյթները, միաձայն մամուլը… Ու ստեղծուած, անո՛նց ստեղծած այն կարծիքը, թէ մեզի, հայերուս չի վերաբերիր հարաւ-արեւելքի կամ արեւելքի մէջ կատարուող իրադարձութիւնները, ճնշումները, բռնացումները, անմեղներու անյայտ սպանութիւնը, լաւագոյն պարագային՝ բանտարկութիւնը, գիշերանց կատարուող ձերբակալութիւնները, գրաւոր, բանաւոր ու տեսողական մամուլին վրայ ի գործ դրուող սեղմումները, արդարութեան հետզհետէ չքացումը, քիւրտերուն, ալեւիներուն, իսլամացած հայերուն, կիներուն, մանուկներուն, կենդանիներուն, բնապահպանութեան խնդիրները եւ… բռնացող թաթին ճնշումը բոլորիս ու ամէն բանի վրայ, անոր մեր կոկորդը սեղմելը։
Այս բոլորի մասին կը լռեն անոնք, որոնք այնքան համարձակ են իրենց քուէին գոյնը յայտարարելու մէջ։
Բայց այսօր, յունիս 24-ի ընտրութեան սեմին, լռելու չենք այլեւս։ Աղաղակելու, «ա՛լ կը բաւէ» ըսելու ենք, «կ՚օգտէ՛», «հերի՛ք է»…
Քուէս ու ձայնս, ինչպէս վերջին քանի մը ընտրութիւններուն էր, կը պատկանի Ժողովուրդներու ժողովրդավար կուսակցութեան՝ ՀՏՓ-ին, որու շուրջ համախմբուած են հասարակութեան ամենաճնշուած եւ ճշմարիտ ժողովրդավարութեան մը ընձեռելիք բարիքներուն ամենակարօտ տարրերը։ Ու ես այսօր կը յանձնարարեմ նախքան ձեր վերջնական որոշումը կայացնելը անգամ մը ծանօթանալ ՀՏՓ-ի նախընտրական ծրագիրին, որ ի շարս բազմաթիւ այլ հետաքրքրական ու անյետաձգելի նիւթերու, միակն է կարծեմ որ կ՚անդրադառնայ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բարելաւումին, սահմանի բացման, ինչպէս նաեւ ցեղասպանութեան ուսումնասիրման։ Դարձեալ ՀՏՓ-ն էր որ իր նախընտրական քարոզչութեան ընթացքին քանիցս գործածեց հայերէնը։ Պզտիկ սակայն խորհրդանշական ու խօսուն տուեալներ կուսակցութեան հայերուն եւ առհասարակ Թուրքիոյ ստուարաթիւ ու փոքրաքանակ ժողովուրդներուն հանդէպ ունեցած մօտեցումին…
Նախեւառաջ պէտք է հաւատանք որ մեզմով կը փոխուի ամէն ինչ…
Դեռ վերջերս Հայաստանի մէջ կատարուած իրադարձութիւններուն թերահաւատութեամբ չէի՞նք մօտեցած, սակայն ահաւասիկ արդէն պատմութեան կը պատկանի Սերժ Սարգսեանի ու իր վարչակարգին աւելի քան տասնամեայ իշխանութիւնը։ Ինչո՞ւ նոյնը չիրականանայ նաեւ այստեղ եւ մենք ունենանք թարմ, նոր, աշխոյժ, երազներով խանդավառ իշխանութիւն մը։ Ուրեմն փորձենք փոխել, հաւատա՛նք մենք մեզի…
Քուէ մը տա՛նք Տեմիրթաշին ու քուէ մըն ալ՝ ՀՏՓ-ին…
agos.com.tr
19:04
18:46
18:22
18:04
17:43
17:27
17:14
16:46
16:24
16:09
15:49
15:35
15:17
14:52
14:35
14:16
13:53
13:36
13:09
12:52
երկ | երք | չրք | հնգ | ուրբ | շբթ | կրկ | |
1 | 2 | 3 | |||||
4 | 5 | 6 | 7 | 8 | 9 | 10 | |
11 | 12 | 13 | 14 | 15 | 16 | 17 | |
18 | 19 | 20 | 21 | 22 | 23 | 24 | |
25 | 26 | 27 | 28 | 29 | 30 |
09:58
09:45
09:35
09:27
09:13
09:04
09:59
09:46
09:37
09:25
09:14
09:02
09:56
09:45
09:36
09:23
09:09
09:56
09:42
09:25
09:13
09:02
09:58
09:44
09:36
09:27
09:13
09:02
09:45
09:36
09:25
09:16
09:02
09:58
09:45
09:37
09:23
09:14
09:02
09:57
09:45
09:35
09:23
09:15
09:02
10:06
09:55
09:44
09:36
09:27