Յետ-պատերազմեան ժամանակաշրջանին, Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի կեդրոնական մասը աւելի մեծ քանդումներու ենթարկուեցաւ քան 15-ամեայ պատերազմի ընթացքին։ Պատերազմի աւարտէն հազիւ թէ 2 տարի անց, բոլորովին նոր քաղաքի մը վերածուեցաւ ան, բոլորին համար ալ անճանաչելի դառնալով։ Անճանաչելի՝ նախ որովհետեւ անոր նախապատերազմեան ժամանակաշրջանը ապրած ժողովուրդը անկէ դուրս քշուեցաւ։ Հոն գործ ունէին միայն քանդիչ սարքերը, որոնց նպատակն էր օրն ի բուն աշխատիլ, տակաւին կանգուն մնացած կառոյցները փլել եւ անոնց տեղ ծրագրուած «գեղեցիկ» երկնաքերներուն տեղ բանալ։ Ի վերջոյ՝ Պէյրութը պէտք է գտնէր, ըստ ծրագրաւորող մարմնին, իր նախապատերազմեան համբաւը, որպէս Միջին Արեւելքի առեւտրային եւ ելեւմտային գերարդիական կեդրոն։ Անճանաչելի նաեւ՝ որովհետեւ երբեմնի արաբական դիմագիծը պահած, բայց միեւնոյն ատեն եւրոպականացած արդիականացման ձգտող քաղաքը վճռած է անջատուիլ թէ իր ժամանակէն, թէ իր միջավայրէն։ Անճանաչելի՝ որովհետեւ անոր իսկական տէրերը անյայտ են այսօր. թէեւ աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել, թէ անոր իրաւական տէրերը կոչուած են ըլլալ համաշխարհային շուկաներու վրայ բաժնետոմսեր բռնած եւ նէօլիպերալ վարչաձեւին փարած անանուն դրամատէրեր, որոնք ամբողջ տարածքը սեփականաշնորհեցին ստեղծելով բաժնետիրական ընկերութիւն մը՝ SOLIDERE-ը։ Անճանաչելի նորէն՝ որովհետեւ աւելի քան 15 տարի անցած ըլլալով պատերազմի աւարտէն, կեդրոնական Պէյրութի շինութեան հոլովոյթը տակաւին չէ աւարտած եւ մինչեւ այսօր տակաւին Պէյրութի այցելուները կը զգան այն պարապութիւնը որ ստեղծուած է հոն։ Անշուշտ քաղաքս անճանաչելի դարձուցած եղծանման երեսները բազմաթիւ են, եւ յօդուածին նպատակը այս սեղմ տողերուն մէջ զանոնք ամփոփել չէ։ Այս արագ ներածական նկարագրութիւնը կը միտէր պարզապէս ցոյց տալ թէ պատերազմի բովով անցած Պէյրութը եւ անոր կեդրոնական թաղամասերը ի վերջոյ զոհ գացին դրամատիրական կարգերու նէօլիպերալ տարբերակին ջատագով դարձած քաղաքական վերնախաւին։
2015-ի աշնան բուռն կռիւներ ծայր առին Թուրքիոյ հարաւ-արեւելեան զանազան շրջաններու մէջ, ուր համեմատաբար խաղաղ իրավիճակ կը տիրէր որոշ ժամանակէ մը ի վեր։ Ասոնց կարգին էր Տիյարպէքիրը, կամ մեր (չ)գիտցած Տիգրանակերտը, իր պատմական կեդրոնով՝ Սուր միջնաբերդ քաղաքով։ Բացարձակ մեծամասնութեամբ քրտաբնակ Սուր քաղաքը, որ իր աւելի քան 5 քիլօմեթր երկարութիւն ունեցող հազարամեայ պարիսպներով եւ Հէվսէլի պարտէզներով ուղիղ մէկ տարի առաջ՝ Յուլիս 2015-ին յաջողած էր UNESCO-ի Համաշխարհային Ժառանգութեան Ցուցակին վրայ տեղ գրաւել, կը նկատուի «Թրքական Քիւրտիսդանի» մայրաքաղաքը։ Ասով հանդերձ, ան բազմամշակութային եւ բազմակրօն իւրայատուկ միջավայր մը կը ներկայացնէ Թուրքիոյ մէջ, ուր կեանքի կոչուած էին բազմաթիւ պատմամշակութային կոթողներ, որոնց շարքին նաեւ հայ առաքելական Սուրբ Կիրակոս եւ հայ կաթողիկէ եկեղեցիները։
Քաղաքի խաղաղ բնակիչներուն կողքին ապրող եւ անոնց ինքնապաշտպանութիւնը ստանցնած խմբաւորումները «ճզմելու» պատրուակով Թուրք բանակը կ՚օգտագործէր ծանր հրետանի, անխնայ հարուածելով հազարամեայ քաղաքի զանազան մասերը, ահագին վնաս հասցնելով պատմամշակութային արժէք ներկայացնող տարբեր կոթողներուն, անշուշտ մարդկային կորուստներուն կողքին (որոնց թիւը կը տարուբերի 250-էն 270 քաղաքացի ըստ տարբեր աղբիւրներու)։ Վնասուած կառոյցներու շարքին են հայ կաթողիկէ եկեղեցին, Քուրշունլու եւ Շէյխ Մուհաթթար մզկիթները, Եէնի Գափույի մօտ պատմական շուկայէն մեծ մաս մը, ինչպէս նաեւ Համմամ Փաշան՝ որը հրոյ ճարակ դարձաւ։
Պատերազմական գործողութիւնները կ՚աւարտին 16 Մարտ 2016-ին։ Անմիջապէս նախագահ Էրտողան, կառավարութեան կողմէ պատրաստուած շտապ սեփականազրկման որոշում մը կը վաւերացնէ 21 Մարտին, թուական մը որ իր խորհրդանշական իմաստը ունի բովանդակ քիւրտ ժողովուրդին համար (Նէվրոզի տօնին հետ կապակցաբար)։ Որոշումը կը նախատեսէ քաղաքի մօտ 7700 հողաշերտերէն 6300-ի սեփականազրկումը (այսինքն աւելի քան 82 տոկոս), մնացեալ տարածքները արդէն իսկ հանրային-պետական գործածութեանց տրամադրուած ըլլալով։ Աւելորդ չէ յիշեցնել որ վարչակազմը իր այս որոշումը կը միտի գործնականացնել TOKI-ի ճամբով, որու անախորժ դերակատարութեան բազմիցս ականատես եղած է թուրքիացի հանրութիւնը բնակարանային «շքեղ» ծրագիրներու ընդմէջէն։ Առ այդ, ըստ կանխատեսուած սէնարիոյին հազարաւոր քաղաքացիներ անտուն մնալու վտանգին տակ են եւ քաղաքի ընդհանուր համայնապատկերը, ինչպէս նաեւ անոր ընկերա-մշակութային այլազանութիւնը արմատականօրէն կերպարանափոխուելու փորձանքին կը սպասեն։
Պարզուած կացութիւնը ակամայ կը մղէ մեզ զուգահեռներ գծելու Պէյրութի եւ Տիյարպէքիրի միջեւ։ Այն ինչ լիբանանեան պատերազմի թոհուբոհը չկրցան ընել Պէյրութի պարագային, SOLIDERE-ի «վերաշինութեան» ծրագիրները յաջողեցան կատարել յետ-պատերազմեան խաղաղ օրերուն։ Իսկ այն ինչ թրքական հրասայլերը չկրցան ընել, կանգ առնելով Տիյարպէքիրի հազարամեայ պարիսպներուն առջեւ, նախագահն ու կառավարութիւնը կը ջանան ամբողջացնել TOKI-ի շողշողուն խոստումներուն ճամբով։
Լիբանանի պատերազմի աւարտէն քանի մը տարի ետք կառավարութեան գլուխն անցած Ռաֆիք Հարիրին կը յայտարարէր թէ ինք Պէյրութը պիտի վերածէր «Միջերկրականի Հոնկ Քոնկին»։ Իսկ Թուրքիոյ արդէն նախկին վարչապետը 1 Ապրիլ 2016-ին Սուրի մէջ կը յայտարարէր թէ քաղաքը պիտի վերածուի «նոր Թօլէտոյի»։ Եթէ առաջինին նէօլիպերալ նկրտումները բաւական ճամբայ կտրեցին իր օրերուն, երկրորդին իսլամիստական երազները միթէ ի՞նչ հոլովոյթ դեռ պիտի ապրին։ Կը մնայ տեսնել որ ի՞նչ ունի ըսելիք Թուրքիան, որը այս օրերուս (10-20 Յուլիս) պիտի հիւրընկալէUNESCO-ի Համաշխարհային Ժառանգութեան Յանձնախումբի տարեկան հերթականութեամբ գումարած նիստերուն 40-րդը, Իսթանպուլի մէջ։
Հեղինակ` ՎԻԳԷՆ ԱՇԳԱՐԵԱՆ
[email protected]
Աղբյուրը` agos.com
23:34
23:16
23:14
22:48
22:34
20:45
20:22
19:04
18:46
18:22
18:04
17:43
17:27
17:14
16:46
16:24
16:09
15:49
15:35
15:17
երկ | երք | չրք | հնգ | ուրբ | շբթ | կրկ | |
1 | 2 | 3 | |||||
4 | 5 | 6 | 7 | 8 | 9 | 10 | |
11 | 12 | 13 | 14 | 15 | 16 | 17 | |
18 | 19 | 20 | 21 | 22 | 23 | 24 | |
25 | 26 | 27 | 28 | 29 | 30 |
09:58
09:45
09:35
09:27
09:13
09:04
09:59
09:46
09:37
09:25
09:14
09:02
09:56
09:45
09:36
09:23
09:09
09:56
09:42
09:25
09:13
09:02
09:58
09:44
09:36
09:27
09:13
09:02
09:45
09:36
09:25
09:16
09:02
09:58
09:45
09:37
09:23
09:14
09:02
09:57
09:45
09:35
09:23
09:15
09:02
10:06
09:55
09:44
09:36
09:27