Աւանդական հայ երաժշտութեան նոր շունչ մը բերած «Ոմանք» խումբը նախորդ շաբթուայ ընթացքին Հայաստանի երաժշտասէրներուն ներկայացաւ համերգներու շարքով մը։
«Ոմանք» Իսթանպուլի մէջ ուշադրութեան արժանացած էր «Բանալիք» ալպոմով եւ այդ ալպոմի ծանօթացման համար սարքուած համերգով։ Ուշագրաւ նորութիւն մըն էր այս, քանի որ խումբը ունկնդիրներուն կը ներկայացնէր պոլսահայ բանաստեղծներու գործերէն ներշնչուած ուրոյն յօրինումներ։ «Բանալիք»ի երգացանկին մէջ ունկնդիրը կը հանդիպէր Կարպիս Ճանճիկեանի, Զահրատի, Ռուբէն Սեւակ, Հեռանուշ Արշակեանի նման անուններու։ Անոնց կարգին միակն բացառութիւնը կը կազմէ արեւելահայերէնի բանաստեղծուհի Սիլվա Կապուտիկեան։
«Ոմանք» երաժշտական խումբը ընդառաջելով Սփիւռքի նախարարութեան հրաւէրին մեկնեցաւ Հայաստան ու ելոյթներ ունեցաւ Երեւանի, Կիւմրիի եւ Վանաձորի մէջ։ Այսպէս առաջին համերգը տեղի ունեցաւ «Ուլիխանեան քլապ»ի մէջ 8 Յունիսին։ 10 Յունիսին խումբը այցելեց Կիւմրի եւ 12 Յունիսին ալ Վանաձոր։ «Ոմանք»ի վերջին երկու համերգները դարձեալ տեղի ունեցան քաղաքամայր Երեւանի մէջ, 14 Յունիսին «Քալումէ քլապ»ին եւ 15 Յունիսին ալ Յաղթանակի այգիի մէջ։
Համերգները նախաքայլ մըն էր «Ոմանք»ի անձնակազմին համար եւ ըստ երեւոյթի շուտով կ՚ունենան իրենց շարունակութիւնը, ներկայացնելու համար պոլսահայ արդի արուեստական ոճը հայրենի հանդիսատեսին։
23:34
23:16
23:14
22:48
22:34
20:45
20:22
19:04
18:46
18:22
18:04
17:43
17:27
17:14
16:46
16:24
16:09
15:49
15:35
15:17
երկ | երք | չրք | հնգ | ուրբ | շբթ | կրկ | |
1 | 2 | 3 | |||||
4 | 5 | 6 | 7 | 8 | 9 | 10 | |
11 | 12 | 13 | 14 | 15 | 16 | 17 | |
18 | 19 | 20 | 21 | 22 | 23 | 24 | |
25 | 26 | 27 | 28 | 29 | 30 |
09:58
09:45
09:35
09:27
09:13
09:04
09:59
09:46
09:37
09:25
09:14
09:02
09:56
09:45
09:36
09:23
09:09
09:56
09:42
09:25
09:13
09:02
09:58
09:44
09:36
09:27
09:13
09:02
09:45
09:36
09:25
09:16
09:02
09:58
09:45
09:37
09:23
09:14
09:02
09:57
09:45
09:35
09:23
09:15
09:02
10:06
09:55
09:44
09:36
09:27