Էսաեան սանուց միութեան հիմնադրութեան 70-ամեակի նախաձեռնութիւններու շրջանակին մէջ «Մարալ» պարախումբը Հայաստան այցելելով ելոյթ ունեցաւ Սպենտիեարեանի անուան օփերայի շէնքին մէջ։ Համերգին ներկայ գտնուեցան Սփիւռքի նախարարութեան տեղակալ Դաւիթ Սարգիսեան եւ բազմաթիւ պոլսահայեր։
Էսաեան սանուց միութեան ատենապետ Մարիամ Տրամերեան համերգի սկիզբին արտասանած ուղերձին մէջ բացատրութիւններ տուաւ Էսաեան վարժարանի, համանուն սանուց միութեան եւ «Մարալ» պարախումբի գործունէութիւններու մասին։ Պարուսոյց Կարպիս Չաբքանի կողմէ մարզուած խումբը Երեւանի մէջ կրկնեց «Անոնց երգերը պար, պարերը երգ էին» խորագրեալ յայտագիրը։ Խորագրի մէջ ակնարկուածը Կոմիտաս վարդապետ, Սայաթ Նովա, Արամ Խաչատրեան եւ Խաչատուր Աւետիսեանի նման հայ երաժշտութեան հսկաներն էին, որոնց մեղեդիները ներշնչած են զանազան պարուսոյցներ եւ հայ պարային բեմին մատուցած հսկայ ժառանգութիւն մը։
Նշենք որ Կարպիս Չաբքանի ստանձնած այս խիստ ծանր ու պատասխանատու առաքելութեան մէջ իր անմիջական գործընկերներն են պարուսոյցներ՝ Իրիս Չաբքան, Սարեմ Քիւլեկեչ Շեշետեան, նուագախումբի խմբավար Հայկ Գրիգորեան եւ մենակատար Էտկար Խաչատրեան։
Համերգի աւարտին Էսաեան սանուց միութեան ատենապետուհի Մարիամ Տրամերեան պարգեւատրուեցաւ նախարարութեան ոսկեայ շքանշանով, իսկ Կարպիս եւ Իրիս Չաբքանին շնորհուեցաւ Կոմիտասի անուան շքանշան։
09:13
09:02
23:34
23:16
23:14
22:48
22:34
20:45
20:22
19:04
18:46
18:22
18:04
17:43
17:27
17:14
16:46
16:24
16:09
15:49
երկ | երք | չրք | հնգ | ուրբ | շբթ | կրկ | |
1 | 2 | 3 | |||||
4 | 5 | 6 | 7 | 8 | 9 | 10 | |
11 | 12 | 13 | 14 | 15 | 16 | 17 | |
18 | 19 | 20 | 21 | 22 | 23 | 24 | |
25 | 26 | 27 | 28 | 29 | 30 |
09:13
09:02
09:58
09:45
09:35
09:27
09:13
09:04
09:59
09:46
09:37
09:25
09:14
09:02
09:56
09:45
09:36
09:23
09:09
09:56
09:42
09:25
09:13
09:02
09:58
09:44
09:36
09:27
09:13
09:02
09:45
09:36
09:25
09:16
09:02
09:58
09:45
09:37
09:23
09:14
09:02
09:57
09:45
09:35
09:23
09:15
09:02
10:06
09:55
09:44