Հայոց Ցեղասպանության 106-ամեակի ոգեկոչման միջոցառումները մեկնարկել են Լիբանանում։
Լիբանանի Զահլե քաղաքի Սուրբ Գրիգոր Լուսավորիչ եկեղեցու բակում Լիբանանի և շրջանի կրոնական, քաղաքական և դիվանագիտական ներկայացուցիչների մասնակցությամբ, Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահե Արքեպիսկոպոս Փանոսյանը բացել է Հայոց Ցեղասպանության նվիրված նորակառույց կոթողը: Այս մասին ասվում է ՀՅԴ Լիբանանի ֆեյսբուքյան էջում։
«Զահլէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Մէջ. Հայոց ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներու յիշատակին յուշակոթողի բացում՝ հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի, Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեանի, պատկան մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներու, շաբաթ, 17 ապրիլ 2021-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Զահլէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Ապրիլեան սրբադասուած նահատակաց կոթողի բացման հանդիսութիւն:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք Կարօ Թորգոմեան մեկնաբանեց Ղասսան Ռահպանիի «Նահնա արման, նահնա Լպնան» երգը, որմէ ետք արաբերէնով բացման խօսքը արտասանեց Սալբի Փամպուքեան: Ան հաստատեց, որ Հայոց ցեղասպանութենէն 106 տարիներ ետք տակաւին պիտի չմոռնանք մեր ժողովուրդին դէմ գործուած Ցեղասպանութիւնը` աւելցնելով, որ թուրքը կարծեց, թէ իր այս արարքով պիտի բնաջնջէ հայ ազգը` առանց գիտնալու, որ հայ ազգը պատմութեան ընթացքին կրցած է ամէնէն զօրաւոր եւ մեծ կայսրութիւններուն դէմ դնել իր հաւատքին ու կրօնին սիրոյն, եւ որ Հայաստանը հաւատքի երկիր է: Փամպուքեան նկատել տուաւ, որ շրջանի հոգեւոր տեսուչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան իր առաքելութիւնը ստանձնելէն ի վեր շրջանի ժողովուրդի կրօնական, ընկերային եւ կրթական հարցերով զբաղելու կողքին, նպատակ ունեցած է յուշակոթող մը կանգնեցնել Ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու յիշատակին` աւելցնելով, որ ներկայ դժուարին պայմաններուն մէջ հայր սուրբը յաջողեցաւ համախմբել շրջանի կուսակցութիւններն ու միութիւնները եւ իրականացնել իր ծրագիրը:
Զահլէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հովիւ Գրիգոր քհնյ. Եղիայեան խօսք առնելով յայտնեց, որ մենք` իբրեւ Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած սերունդ, կը յիշենք մեր սուրբ նահատակները եւ կը պահանջենք արդարութիւն եւ միջազգային ճանաչում` մարդկութեան դէմ մեծագոյն եւ սարսափելի յանցագործութեան համար, որ կատարուեցաւ մեր ժողովուրդին դէմ` աւելցնելով, որ հայ ժողովուրդի միասնական ջանքերով եւ միջազգային հանրութեան աջակցութեան շնորհիւ այսօր կրնանք վստահութեամբ ըսել, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը ձեռք կը բերէ միջազգային ճանաչում: Քահանայ հայրը շեշտեց, որ մեր պահանջատիրութիւնը պիտի մնայ մեր գալիք սերունդներուն խիղճերուն մէջ, մինչեւ որ հասնինք արդարութեան եւ հայ ժողովուրդի իրաւունքներու ճանաչման:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ յուշակոթողի քողազերծումը եւ վառեցաւ անոր ջահը, որմէ ետք Մարիա Նասսար արաբերէնով ասմունքեց Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած բանաստեղծական կտոր մը:
Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան յայտնեց, որ Հայոց ցեղասպանութենէն 106 տարիներ ետք, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխելու եւ անոր համար պատիժի մասին ուխտի որդեգրումէն 70 տարիներ անց, տակաւին սուրբ նահատակներուն ձայնը կը լսուի պատմութեան խորերէն` պահանջելով արդարութիւն, եւ տակաւին ոճրագործը յամառօրէն կը մերժէ ընդունիլ: «Այսօր, մարդկութեան դէմ գործուած ոճրագործութենէն եւ Ցեղասպանութենէն 106 տարիներ ետք կ՛ըսենք, որ իրականութեան բացայայտման իրաւունքը միայն հայերուն համար չէ, այլ` բոլորին, որովհետեւ մարդկային իրականութիւն մըն է, որ անցեալին հետ կապ չունի, այլ` ներկային, որ պիտի կերտէ ապագան», հաստատեց նախարարի պաշտօնակատարը` աւելցնելով, որ Լիբանանի խորհրդարանը ընդունած է, որ Թուրքիան Ցեղասպանութիւն գործած է հայութեան դէմ եւ պահանջած է վնասուց հատուցում:
. Օհանեան-Գէորգեան շեշտեց, որ ասիկա մեզ կը մղէ պահանջելու այլ երկիրներու խորհրդարաններէ, որպէսզի իրենք եւս ընդունին Ցեղասպանութիւնը, եւ եզրափակելով իր խօսքը հաստատեց, որ ոճիրի մը հանդէպ լուռ մնալը ինքնին ոճիր է, եւ մենք` իբրեւ սուրբ նահատակներուն թոռները, պիտի չմոռնանք եւ պիտի չյանձնուինք:
Ապա, Պարոյր Սեւակի «Անլռելի զանգակատուն»-էն «Ղօղանջ եղեռնական» քերթուածի ասմունքով հանդէս եկաւ Մարկօ Զէյթունեան:
Շահէ արք. Փանոսեան իր պատգամի սկզբնաւորութեան Ապրիլեան սուրբ նահատակներուն ձօնուած նորակերտ կոթողին դիմաց իր յարգանքը եւ սիրոյ տուրքը ընծայեց մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներուն, որոնք իրենց կեանքը տուին Աստուծոյ եւ հայութեան համար: Առաջնորդ սրբազանը նկատել տուաւ, որ ծրագիրներ կան, որոնք իրականութեան վերածուելու համար պէտք է արժանանան ժողովուրդի միահամուռ աջակցութեան եւ գնահատանքին, որուն իրողութեան փաստը կը տեսնենք սոյն կոթողի կառուցման գործին մէջ:
Առաջնորդ սրբազանը մաղթեց, որ սիրոյ եւ միութեան ոգիի արտայայտութեամբ իրականացուած սոյն նախաձեռնութեան ընդմէջէն մեր ժողովուրդի անժամանցելի իրաւունքներու ձայնը լսելի դառնայ բոլորին` վստահեցնելով, որ սոյն իրագործումը իր բարի անդրադարձը պիտի ունենայ Զահլէի եւ շրջակայից հայութեան կեանքին վրայ ու առիթ ստեղծէ, որ շրջանին մէջ առաւել եւս աշխուժանան ու ներդաշնակուին եկեղեցւոյ ճամբով ու միութենական ճիգերով տարուող բազմապիսի աշխատանքները: Առաջնորդ սրբազանը այս առիթով շրջանի հոգեւոր տեսուչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանի ընդմէջէն իր բարձր գնահատանքը յայտնեց եկեղեցւոյ թաղականութեան եւ շրջանին մէջ գործող բոլոր պաշտօնական մարմիններուն, անհատներուն, բարերարներուն եւ ժողովուրդին:
«Թող այս ձեռակերտը մեր ժողովուրդի հայրենասիրութեան դարաւոր մաքառումներու եւ իղձերուն յուշարարը ըլլայ բոլորիս համար», շեշտեց սրբազան հայրը` նկատել տալով, որ անցնող տասնամեակներուն սփիւռքի մէջ ի գործ դրուած ամէն ճիգ եւ աշխատանք առաւելաբար ուղղուած եղան մեր ժողովուրդի անժամանցելի իրաւունքները հետապնդելու աշխատանքին: Առաջնորդ սրբազանը նաեւ մաղթեց, որ նորակերտ կոթողը առիթ ընծայէ մեզ շրջապատող դէպքերն ու անցուդարձերը հայօրէն դատելու եւ ըմբռնելու համար իմաստութիւն ձեռք բերելու, մեր կեանքին համար ուժ քաղելու եւ մեր բոլոր ընելիքներուն համար ներշնչում գտնելու:
«Հայ ըլլալը նոյնքան քաջութիւն կը պահանջէ այսօր, ինչպէս հալածանքի եւ Եղեռնի ժամանակներուն: Այսօր ալ, հայու մեր կեանքը պէտք է մեծ ճիգով կառուցենք: Հանապազօրեայ պայքարով մեր ինքնութիւնը պաշտպանենք եւ մանաւանդ մեր շունչով եւ օրինակով գալիք սերունդներուն մէջ հայութեան անմեռ հոգին ապրեցնենք», եզրափակեց առաջնորդ սրբազանը:
Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ «Աղբերս ու ես» երգով` կատարողութեամբ Շանթ Մատարեանի, երգեհոնի ընկերակցութեամբ Աւօ Չայլեանի»,-ասվում է հաղորդագրության մեջ։
13:36
13:09
12:52
12:35
12:18
11:48
11:35
11:14
10:59
10:45
10:28
10:12
09:58
09:45
09:35
09:27
09:13
09:04
23:45
23:25
երկ | երք | չրք | հնգ | ուրբ | շբթ | կրկ | |
1 | 2 | 3 | |||||
4 | 5 | 6 | 7 | 8 | 9 | 10 | |
11 | 12 | 13 | 14 | 15 | 16 | 17 | |
18 | 19 | 20 | 21 | 22 | 23 | 24 | |
25 | 26 | 27 | 28 | 29 | 30 |
09:58
09:45
09:35
09:27
09:13
09:04
09:59
09:46
09:37
09:25
09:14
09:02
09:56
09:45
09:36
09:23
09:09
09:56
09:42
09:25
09:13
09:02
09:58
09:44
09:36
09:27
09:13
09:02
09:45
09:36
09:25
09:16
09:02
09:58
09:45
09:37
09:23
09:14
09:02
09:57
09:45
09:35
09:23
09:15
09:02
10:06
09:55
09:44
09:36
09:27