101րդ տարելից։ Մեր պատմութեան ամէնէն դժուար հանգրուանին կը գտնուինք։ Պիտի հաշտուի՞նք կարգ մը գաղափարներու հետ, առանց ժողովրդավարութեան սկզբունքները շահարկելու։
Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը ռազմավարական ընտրութիւն ու թիրախ է եւ պէտք է պահպանել մեր ազգային ու քաղաքական հետապնդումներու բարձր մակարդակին վրայ։
Թուրքիոյ պատմութեան մէջ նախապաշարեալ բաներ կան, որ տակաւին կը դժուարանանք մեկնաբանելու։
Գայլը՝ մանաւանդ գորշ գայլը, միշտ մշուշը կը նախընտրէ...։
Մոռնա՞նք տակաւին, որ Վոսփորի նեղուցին վրայ նոր կամուրջի մը շինութեան համար անմիջական խորտակումի ու փլուզումի ենթարկուած էին պետական անմխիթար որոշումով Խասգիւղի հայկական բոլոր հաստատութիւններն ու մանաւանդ վարժարանները, շրջանի հայկական եկեղեցին, անոր կից գտնուող գիշերօթիկ դպրոցը, Գալֆայեան որբանոցը (հիմնուած 150 տարի առաջ), թաղամասի հայկական գերեզմանատունը, եւայլն, եւայլն։
Հակառակ Պատրիարքին հանդէպ ցուցաբերուած սիրալիր ընդունելութեան, ներկայացուած արդար պահանջներուն գոհացում տալու խոստումները մնացին անլոյծ։ Մնաց մանաւանդ Տէմիրէլի սփինքսեան խորհրդաւոր ժպիտը...։
Կը զարմանա՞ք, որ այսօր ալ միտումնաւոր մեքենայութիւններու միեւնոյն քաղաքականութիւնը կը կիրարկուի աւելի շնական ու կեղծապատիր ոճով։ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով Թուրքիոյ որդեգրած ժխտողական քաղաքականութիւնը որքա՞ն կը դիմանայ, չեմ գիտեր։ Գիտեմ, լաւ գիտեմ սակայն, որ սուտը, կեղծիքը եւ կամակոր կերպարանափոխումը կարճ ոտքեր կ՚ունենան, քաղաքական լայնաձիգ ոստումներ կատարելու անատակ կ՚ըլլան։ Իսկ խտրականութիւնն ալ երկու թիրախներ կ՚ունենայ. երեւցողը եւ չերեւցողը։
Չյիշե՞լ տակաւին, թէ ի՛նչ ճակատագրի մատնուեցան Պոլսէն ու Անգարայէն զատ, Ամասիոյ, Կեսարիոյ, Սեբաստիոյ, Մալաթիոյ, Խարբերդի, Տիգրանակերտի, Մարտինի, Սղերդի, Ալեքսանտրէթի, Վանի եւ ընդհանրապէս Անատոլուի եւ Կապադովկիոյ հայ համայնքներու դպրոցները, եկեղեցիները, հայկական հաստատութիւնները։ Անատոլուի հայերը ժամանակի բռնադատող ճնշումին տակ՝ ընկերային կամ քաղաքական իմաստով ստիպողաբար իսլամութեան ենթարկուեցան, կամ ալ, իրենց ազգային հաւաքական նկարագիրը կորսնցնելով հետեւեցան ասորական մշակոյթին, իսլամութեան, թէ ...
Պոլսոյ մէջ տասնամեակներ առաջ կը գործէին 100 հայկական վարժարաններ։ Աւելի ետք, անոնցմէ մնացին 32 հատ, որոնցմէ 7ն՝ հայ կաթողիկէ, մէկը՝ հայ բողոքական։ Դպրոցներէն երկուքը որբանոցներ էին, երեքը՝ գիշերօթիկ, հինգը՝ բարձրագոյն վարժարան։ Աշակերտութեան ընդհանուր թիւը տասը հազարէ վեր կը գնահատուէր։
Պոլսոյ հայոց Պատրիարք Մեսրոպ Արք.ի փոխանորդ Արամ Արք. Աթէշեան կը յայտարարէ, թէ Օսմանեան Կայսրութեան սահմաններէն ներս, 1914ին կը գործէին 2170 հայկական եկեղեցիներ եւ 100 դպրոցներ։ Ներկայիս կը գործեն 42 եկեղեցիներ եւ 13 դպրոցներ։ Ո՞ւր են մնացեալները։ Ո՞վ բացատրութիւն պիտի տայ այս մասին։ Պոլսոյ հայ համայնքը ինչո՞ւ չվերանորոգուեցաւ, ինչո՞ւ չվերածաղկեցաւ։
Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութիւններու կրթական հաստատութիւններու խնդիրները կը շարունակեն լուծուած չըլլալ։
Մխիթարական է, որ խնդիրներու բնութագրման մասին սկսած են բարձրաձայնել (չմոռնալ նահատակ Հրանդ Տինքը) Պոլսոյ հայկական «Ակօս» թերթի խմբագիր Բագրատ Էսթուքեան, Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ գաղափարական տարբեր հոսանքներու արեւելումով հայազգի երեսփոխաններ՝ քրտամէտ ընդդիմադիր Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան անդամ Կարօ Փայլանը, Սելինա Տողանը, Մարգար Էսայեանը, որոնք ծագումով ու ազգութեամբ հայ երեսփոխաններ ըլլալով հանդերձ, իբրեւ երկրի հայկական համայնքի ներկայացուցիչներ չեն ներկայանար։
Անոնցմէ մէկը արդէն իշխանութիւն վայելող կուսակցութեան անդամ է, իսկ մնացեալները բուռն կերպով ընդդիմադիր։ Այս պարագային, պէտք է բնութագրել սակայն, թէ ուրիշ բան է կուսակցականացած ըլլալ, ուրիշ բան է քաղաքականացած ըլլալ, ուրիշ բան է ծագումով հայ եւ թրքական խորհրդարանին մէջ «մեպուս» ըլլալ։ Արդարութիւնը ամէն տեղ նոյնն է, որովհետեւ մարդկութեան վերաբերող հարց է։ Այս բոլորէն անկախ սակայն, կ՚արժէ զատորոշել նաեւ, որ այս մարդիկը երեսփոխան ընտրուեցան տարի մը առաջ, այսինքն Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի լրացման յատկանշական տարին։ Այսպէս կը մեկնաբանուին պատմութեան շարժառիթներն ու հակաշարժառիթները։
Եւ մինչ Սելինա Տողան խիղճի հարց դարձուցած ըլլալով՝ կիրքով ու հետեւողականութեամբ խորհրդարանէն ներս կ՚արծարծէ փոքրամասնական վարժարաններու եւ կրթական կեանքի համակարգին ստեղծած դժուարութիւններն ու բանեցուած ճնշումները, Կարօ Փայլան (Հայ Կարօ, ըստ թուրքերու) արագացնելով պատմական ժամանակը կորովամիտ յաջորդականութեամբ աշխատանքի ձեռնարկած է՝ Թուրքիոյ վարժարանային դասագիրքերուն մէջ հայ ժողովուրդի խեղաթիւրուած ու չարափոխուած պատմութիւնը ճշդելու եւ այդ յերիւրուած բաժիններուն մէջէն զեղչելու հայութեան հասցէին տեղ գտած բացասական նկարագրականները։
Մեծ դեր մը, որով կը յատկանշէ իր նկարագիրը եւ պայքարի իր ընտրած ճանապարհը՝ սուտերով յորդող լեռնակոյտի մը դիմաց, քանի Թուրքիոյ սուտերը ամէն առիթով քանի մը թիրախներ կ՚ունենան, որ կ՚օգտագործուին ըստ պարագայի, ըստ տեղի, ըստ կացութեան, երկրէն ներս համատարած սպառնալիքի մթնոլորտի մը մէջ, ներքին ու պատմական հակադրութիւններու երկար շարանի մը յարակցութեամբ։
Երկու հայ երեսփոխաններուն կողմէ արծարծուած Հայոց Ցեղասպանութեան բուռն ու խորքային նշանակութիւնը բարձր աղմուկ, զայրոյթ ու թշնամական տրամադրութիւններ յառաջացուցած է։ Եւ այս մթնոլորտի իբրեւ եզրակացութիւն՝ Էրտողան Էֆէնտիի հրահրող թիրախային պատգամները, թէ այս բոլոր սուտերուն ետին սփիւռքի հայերը եւ իրենց օտար պաշտպանները կը գտնուին։ Փաթիշահական ըմբռնումը՝ իր գերագոյն արտայայտութեան մէջ։
Բայց Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը, օրակարգը, էութիւնը կա՛յ ու կա՛յ, որքան ալ Թուրքիա ատոր շուրջ բռնադատական մօտեցումներ կը դրսեւորէ ատենը մէյ մը։
Թուրքիոյ դպրոցական դասագիրքերուն մէջ հակահայ քարոզչութիւն կը կատարուի, իսկ Հայոց Ցեղասպանութիւնը կը ներկայացուի իբրեւ երկրի ռազմական իրադրութենէն յառաջացած ապահովական նկատումներով անհրաժեշտութիւն։ Իսկ Ապրիլ 24ին՝ հայ մտաւորականներու տեղահանութիւնը կը ներկայացուի որպէս Թուրքիոյ դէմ գործող հայ յեղափոխական առաջնորդներու ձերբակալութիւնը, որ կատարուեցաւ ապահովութեան նկատառումներով։
Հապա ինչպէ՞ս կը պատահի, որ Թուրքիոյ մարդու իրաւուքներու պաշտպան գործիչ, թուրք գրող եւ Ցեղասսպանութեան ճանաչման ու դատապարտման ջերմ ջատագով Ֆեթհիյէ Չեթինի «Ազատութեան» մրցանակ կը տրուի...։ Նաեւ Հրանդ Տինքին՝ «Մամուլի ազատութեան» իտալական մրցանակը Հռոմի մէջ։ Արդեօ՞ք ազատութիւնն ու անկախութիւնը միայն մեր երէկը չէ որ կ՚արտայայտեն, այլ նաեւ ու մանաւանդ մեր ներկան, քանի այսպիսի իմաստներուն արժէքը անժամանցելի խորհրդանիշի վերածուած է մեր կեանքին մէջ։
Ասոր զուգահեռ՝ «Նոր Զարթօնք» շարժումը, որ ծլարձակած է 2004ին ու հիմնադրուած է 2007ին, Հրանդ Տինքի սպանութեան վաղորդայնին եւ իբրեւ ռազմավարական առաքելութիւն ճշդած է Հայ Դատի հետապնդումը, արդարութեան որոնումը,- ոչ միայն հայութեան, այլեւ ճնշուած բոլոր փոքրամասնութիւններուն համար։ Այս շարժումը իբրեւ գլխաւոր դերակատարութիւն ընտրած է աւանդել հայերէն լեզուն եւ մշակոյթը։ Ներկայիս երկու հարիւրէ աւելի հայ երիտասարդներու համադրուած ոճով մայրենի լեզու կը դասաւանդէ եւ թրքերէնով գիրքեր կը հրատարակէ Հայոց Պատմութեան ու հայոց անվիճելի իրաւունքներուն մասին։
Շշմեցնող բանե՞ր։ Չե՛մ կարծեր։ Մարդիկ կան, որ իրենց բնատուր առաքելութեան չեն դաւաճաներ եւ այդ առաքելութիւնը լուրջի կ՚առնեն, ապրելէ ետք մեծ յոյսի հիասթափութիւնը։ Այսօր, անոնք՝ իրենց դաւանած հակազդեցութեան կրկնօրինակն են եւ բնաւ ալ հեռու չեն իրենց ապրած իրականութենէն։
17:43
17:29
17:13
16:57
16:48
16:34
16:17
15:58
15:43
15:29
15:14
14:58
14:36
14:22
13:59
13:47
13:34
13:22
13:20
13:09
երկ | երք | չրք | հնգ | ուրբ | շբթ | կրկ | |
1 | 2 | 3 | |||||
4 | 5 | 6 | 7 | 8 | 9 | 10 | |
11 | 12 | 13 | 14 | 15 | 16 | 17 | |
18 | 19 | 20 | 21 | 22 | 23 | 24 | |
25 | 26 | 27 | 28 | 29 | 30 |
09:57
09:45
09:34
09:26
09:15
09:02
09:44
09:35
09:25
09:17
09:02
09:56
09:45
09:37
09:26
09:17
09:02
09:53
09:38
09:27
09:13
09:02
09:58
09:45
09:35
09:27
09:13
09:04
09:59
09:46
09:37
09:25
09:14
09:02
09:56
09:45
09:36
09:23
09:09
09:56
09:42
09:25
09:13
09:02
09:58
09:44
09:36
09:27
09:13
09:02