Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամն է ուղղել Աբու Դաբիի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցում։ Այս մասին Հայտնում են Մեծի Տանն Կիլիկիո Կաթողիկոսարանից․ «Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի Եւ Շրջակայից Հայոց Թեմին շնորհած իր Հովուապետական այցելութեան երկրորդ օրը՝ Երեքշաբթի, 23 Յունուար 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը այցելեց թեմի առաջնորդանիստ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցի, ուր կանոնական աղօթք կատարեց եւ իր Հայրապետական պատգամը ուղղեց ժողովուրդին։ Նորին Սրբութիւնը եկեղեցւոյ մուտքին դիմաւորուեցաւ թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեանի, Քուէյթի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Գերպ. Տ. Պետրոս Ծ. Վրդ. Մանուէլեանի, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տ. Վաչէ Վրդ. Պալըգճեանի, Տուպայի եւ հիւսիսային Էմիրութեանց հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Արամ Աւ. Քհնյ. Տէյիրմէնճեանի, Ս. Աթոռիս Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի համա-ատենապետ Գրիգոր Մահսերեճեանի, թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի ատենապետ Վարուժան Ներկիզեանի ու Ժողովի անդամներուն, ազգային իշխանութեան, եկեղեցւոյ թաղականութեան, Ազգային Արա Խանոյեան միօրեայ վարժարանի աշակերտութեան ու հաւատացեալներու կողմէ։ Կանոնական աղօթքի աւարտին, առաջնորդ սրբազան հայրը խօսք առնելով՝ որդիաբար ողջունեց Վեհափառ Հայրապետին այցելութիւնը թեմին եւ յատկապէս Ապու Տապիի համայնքին։ Ան ըսաւ, որ Հայրապետին այս հովուապետական այցելութիւնը վերանորոգումի առիթ է թեմին համար, երբ մանաւանդ ամէնուրեք կը դիմագրաւենք զանազան դժուարութիւններ ու տագնապներ: Ապա, հրաւիրեց Հայրապետը որ պատգամը ուղղելու ներկաներուն։ Առաջին հերթին, Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց առաջնորդ սրբազան հայրը եւ բարձր գնահատեց թեմէն ներս անոր նուիրեալ ծառայութիւնը: Ան ըսաւ, որ Մեսրոպ սրբազան, անցնող տասը տարիներու ընթացքին, թեմի կազմակերպչական աշխատանքին լծուեցաւ, միջ-կրօնական ու միջ-եկեղեցական լաւ յարաբերութիւններ մշակեց, օտար համայնքներուն եւ յատկապէս պետական շրջանակներու հետ մեր կապերը ծաւալեց։ Այս առիթով Վեհափառ Հայրապետը նաեւ ողջունեց Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց պետութիւնը, որ լայն կարելութիւններ ընծայած է մեր համայնքին: Ապա, Նորին Ս. Օծութիւնը խօսեցաւ քրիստոնէական կեանքին մէջ հաւատքի կարեւորութեան մասին: Ան ըսաւ, որ հաւատքը հրամայական ու առանցքային ներկայութիւն եղած է Քրիստոսի ուսուցումներուն, հրաշքներուն ու քարոզչութեան մէջ: Քրիստոս փոթորիկին մէջ մնացած աշակերտներուն ըսաւ «մի՛ վախնաք, միայն հաւատացէ՛ք». «մանանեխի հատիկի չափ հաւատք ունեցողը կրնայ լեռը շարժել»: Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց, թէ եկեղեցին հաւատքի համայնք է: Հաւատալ կը նշանակէ Աստուծոյ ներկայութիւնը ապրիլ, Անոր ներկայութեամբ մտածել ու գործել: Քրիստոնեայ ըլլալ կը նշանակէ մեր կեանքը հաւատքով շաղախել ու վերանորոգել՝ դիմագրաւելու կեանքի ամէն տեսակ դժուարութիւնները, ըսաւ Նորին Ս. Օծութիւնը: Իր պատգամի աւարտին, ան հայրական կոչ ուղղեց հաւատացեալներուն, որպէսզի եկեղեցւոյ հաւաքական կեանքին մասնակից դառնալով՝ իրենց հաւատքը հզօրացնեն։ Հայրապետին պատգամէն ետք, Ազգային «Արա Խանոյեան» միօրեայ վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ աջահամբոյր»,- ասվում է հաղորդագրության մեջ:
23:14
18:42
18:33
16:45
12:09
11:38
10:26
23:47
23:33
23:09
22:43
22:32
22:23
18:45
18:33
18:20
17:34
16:35
16:14
15:55
երկ | երք | չրք | հնգ | ուրբ | շբթ | կրկ | |
1 | 2 | 3 | |||||
4 | 5 | 6 | 7 | 8 | 9 | 10 | |
11 | 12 | 13 | 14 | 15 | 16 | 17 | |
18 | 19 | 20 | 21 | 22 | 23 | 24 | |
25 | 26 | 27 | 28 | 29 | 30 |
09:56
09:45
09:37
09:26
09:17
09:02
09:53
09:38
09:27
09:13
09:02
09:58
09:45
09:35
09:27
09:13
09:04
09:59
09:46
09:37
09:25
09:14
09:02
09:56
09:45
09:36
09:23
09:09
09:56
09:42
09:25
09:13
09:02
09:58
09:44
09:36
09:27
09:13
09:02
09:45
09:36
09:25
09:16
09:02
09:58
09:45
09:37
09:23
09:14
09:02